2014-10-05 11:06:21

Ֆրանչիսկոս Պապի 5 հոկտեմբերի թուիթը` ''Տէր մեզի ցոյց տուր ճանապարհը''։


''Մինչ սկիզբ կու տանք Ընտանիքի մասին Սիւնհոդոսին, աղօթենք Տէրը որ մեզի ցոյց տայ ճանապարհը։ #աղօթէ Սիւնհոդոսի համար''։ Գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը, Կիրակի, 5 հոկտեմբերին հրատարակած թուիթին մէջ, Եպիսկոպոսական արտակարգ եւ ընդհանուր Գ սիւնհոդոսի սկիզբին առթիւ, որուն բացումը կատարուեցաւ կիրակի 5 հոկտեմբերի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ մատուցած սուրբ Պատարագով եւ որ կ՛եզրափակուի 19 հոկտեմբերին Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ մատուցած հանդիսաւոր պատարագի արարողութեամբ որուն ընթացին Երանելի կը հռչակուի նաեւ Պօղոս Զ երջանկայիշատակ քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.